2011-07-31 09:22:29

Կիրակնորեայ աւետարանական ընթերցում`տօն պայծառակերպութեան Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի` Վատդավառ - տաղաւար


Կիրակնորեայ աւետարանական ընթերցում`տօն պայծառակերպութեան Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի` Վատդավառ - տաղաւար
Ընթերցում Մատթեոսի Աւետարանէն` գլուխ 17, 1-13 համարները։
Յիսուսի այլակերպութիւնը` Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝` որուն հաճեցայ անո՛ր մտիկ ըրէք
1 Վեց օր ետք՝` Յիսուս առաւ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու անոր եղբայրը՝` Յովհաննէսը, հանեց զանոնք բարձր լեռ մը՝` առանձին,
2 եւ այլակերպեցաւ անոնց առջեւ իր երեսը փայլեցաւ արեւի պէս, ու իր հանդերձները ճերմակ եղան՝` լոյսի պէս։
3 Եւ ահա՛ Մովսէս ու Եղիա երեւցան անոնց, եւ կը խօսակցէին իրեն հետ։
4 Պետրոս ըսաւ Յիսուսի Տէ՛ր, լաւ է որ կենանք հոս եթէ կ'ուզես, շինենք հոս երեք վրան, մէկը՝` քեզի, մէկը՝` Մովսէսի, ու մէկը՝` Եղիայի։
5 Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը [եկաւ] ամպէն՝` ըսելով Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝` որուն հաճեցայ անո՛ր մտիկ ըրէք։
6 Երբ աշակերտները լսեցին, իրենց երեսին վրայ ինկան ու սաստիկ վախցան։
7 Յիսուս մօտենալով՝` դպաւ անոնց եւ ըսաւ [Ոտքի՛] ելէք, մի՛ վախնաք։
8 Իրենց աչքերը բարձրացուցին ու ո՛չ մէկը տեսան՝` բայց միայն Յիսուսը։
9 Երբ լեռնէն վար կ'իջնէին, Յիսուս հրահագնեց անոնց Այդ տեսիլքը ո՛չ մէկուն պատմեցէք, մինչեւ որ մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն առնէ։
10 Աշակերտները հարցուցին իրեն Հապա ինչո՞ւ դպիրները կ'ըսեն թէ պէտք է որ նախ Եղիա այ։
11 Յիսուս պատասխանեց անոնց Իրաւ է թէ նախ Եղիա պիտի գայ եւ վերահաստատէ ամէն բան։
12 Բայց ձեզի կ'ըսեմ թէ Եղիա արդէն եկած է, ու չճանչցան զայն, հապա ինչ որ ուզեցին՝` ըրին անոր նոյնպէս ալ մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնցմէ։
13 Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին ըսաւ իրենց։








All the contents on this site are copyrighted ©.